
Մեսրոպ Մենազարյան - Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակյան կուսակցության հերոս Առասպելների ներկայացում
... Հնչակեան Կուսակցութեան երեւումէն ետք, կ`ըլլայ անոր առաջին անդամակցողներէն եւ գլխաւոր ղեկավարներէն։ Կը դառնայ Պոլսոյ վարիչ Մարմինի անդամ։
Կ`ըլլայ 1890 Յուլիս 15_ի Գում Գաբուի ցոյցին գլխաւոր կազմակերպիչներէն։
Մուրատի ղեկավարութեամբ տեղի կ`ունենար 1894_ի Սասնոյ հերոսական ապստամբութիւնը, ...
Mesrob Menazaryan Մեսրոպ Մենազարյանը սոցիալական ցանցերում մեզ ներկայացնում է հնչակյան մի շարք լեգենդների
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՊՈՅԱՃԵԱՆ - ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏ
Հնչակեան Կուսակցութեան երեւումէն ետք, կ`ըլլայ անոր առաջին անդամակցողներէն եւ գլխաւոր ղեկավարներէն։ Կը դառնայ Պոլսոյ վարիչ Մարմինի անդամ։
Կ`ըլլայ 1890 Յուլիս 15_ի Գում Գաբուի ցոյցին գլխաւոր կազմակերպիչներէն։
Մուրատի ղեկավարութեամբ տեղի կ`ունենար 1894_ի Սասնոյ հերոսական ապստամբութիւնը, Օգոստոս 1_15 տեւող կռուի ընթացքին Մուրատ փոքրաթիւ խումբով կը պաշարուի քարայրի մը մէջ։ Երեք օր տեւող կռիւէ մը ետք կը ձերբակալուի, կը նետուի Բաղէշի բանտը։ Ապա կը փոխադրուի Պոլիս ,ուր տեղի կ`ունենայ դատավարութիւն։ Կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան ու կ`աքսորուի Ափրիկեան Թրիփոլի։ Մուրատ 11 տարի կը վայելէ Թրքական բանտին արհաւիրքը։ 1905_ին Ս.Դ.Հ.Կ. Ե. համագումարը, բանտին մէջ հիւծող վաստակաւոր յեղափոխականը կ`ընտրէ Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Միեւնոյն տարին կը յաջողի Մուրատին փախցնելու ծրագիրը։ Կը հաստատուի Փարիզ։ Սահմանադրութենէն ետք , 1908 Օգոստոսին կը վերադառնայ Թորքիա։ Կ`ընտրուի ազգային երեսփոխան` Գում Գաբուէն եւ օսմանեան խորհրդարանի անդամ` Ատանայի շրջանէն։
Ատանայի ջարդէն ետք, Մուրատի ջանքերով է որ կը փրկուի Յ. Պապիկեանի կազմած տեղեկագիրը։
Խորհրդարանին մէջ, Մուրատ կ`ունենայ հակա_իթթիհատական դիրք։ Կը մասնակցի Ս.Դ.Հ.Կ. Զ. Համագումարին։
1915_ի Մեծ եղեռնին,ձերբակալուած Հայ մտաւորականութեան մէջ էր Մուրատ։ Կ`ուղարկուի կեսարիոյ բանտը։
Բանտին մէջ Մուրատ կ`ենթարկուի անասելի չարչարանքի։ վերապրող բանտակիցները կը վկայեն թէ ան ինչպիսի քաջութեամբ դիմագրաւած էր չարչարանքները։Կիսամեռ վիճակի մէջ յորդորած էր դէպի կախաղան առաջնորդուող իր բանտակիցները։
1915 Օգոստոս 24_ին ,Մուրատ 12 ընկերներու հետ կախաղան կը բարձրացուի։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԵՐԷՑԵԱՆ
Անդրանիկ Երէցեան, երիտասարդական տարիներուն, ունեցած է կուսակցական_ յեղափոխական գործունէութիւն։ 1914_ին , կը նշանակուի Ռումանիայէն կովկասեան ճակատ մեկնող Հնչակեան կամաւորական խումբերէն մէկուն պատասխանատուն։ Կը միանայ կամաւորական Զ. գունդին ու կը նշանակուի հարիւրապետ ։ Իր խիզախութեամբ աչքի կը զարնէ ։ Իր անուան շուրջ կը պատմուին հերոսական դրուագներ։ Ցուցաբերած քաջութեան համար կը պարգեւատրուի զինուորական շքանշաններով ։
Պիտի չմոռնամ մեր հանդիպումը , ուր ուրախ տրամադրութիւնով մը իրաւամբ կը հպարտանար ։ Մենք լսելով իր գործերու պատմութիւնը իր ընկերներէն , թէեւ հպարտութիւն կը զգայինք, բայց եւ կարծես կանխատեսելով սեւ չարիքը` իրեն կանխազգուշութիւն կը յանձնարարէինք, ան ժպտալով մեզի կը պատասխանէր .《ընկեր ճան , Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ազատագրման համար պատնէշի վրայ կուրծքէն գնդակ ուտողը աւելի շատ ու աւելի իբր մարդ կ`ապրի քան հաճոյքներու հոտած մթնոլորտին մէջ իր կեանքը քաշկռտողը》։եւ իրաւամբ ալ, ան ինկաւ պատնէշին վրայ իր պարտականութեան գլուխը, ընդունելով կուրծքին մահացնող գնդակը։
ԱՐԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
ՏՕՆԱՊԵՏ ՂԱԶԱՐԵԱՆ (ՏՕՆՕ)
1875_1907
Ծնած է Սասուն։
Կը մասնակցի Սասնոյ Ա. ապստամբութեան եւ համբաւ կը ստանայ որպէս քաջ կռուող։
1895_ին կ`անցնի Թիֆլիս, որմէ` Պաքու։
Կուսակցական յանձնառութիւններով կը շրջի Ալեքսանդրապոլ , Կարս,Պաթում , Փոթի ,Սալմաստ, եւ այլն։
1903_ին , երկիր մտնելու համար ,իր խումբով կ`անցնի Սալմաստ ։ Ծրագիրը չի յաջողիր ու կը վերադառնայ Պաքու ։ Կը մասնակցի Հայ եկեղեցկապատկան գոյքերուն բռնագրաւման դէմ ծաւալած ժողովրդային պայքարին ,ինչպէս նաեւ Հայ_ թաթարական ընդհարումներուն։
Դարձեալ կ`անցնի Պարսկաստան ու իր խումբով կը գործէ Թուրք_պարսկական սահմանագիծին վրայ։
Ռուսական բանակներուն Պարսկաստան մուտքէն ետք, ցարի գործակալներուն կողմէ Տօնօն դաւադրաբար կը թունաւորուի։
Կը թաղուի բազմամարդ յուղարկաւորութեամբ
Աշուղ Ջիւանի էջմիածնի շրջանին մեջ Ս. Վահագնի գործունէութեան կը նուիրէ «Ձօն առ Վահագն»երգը.
Ծածանւեցաւ Էջմիածին
Հնչակեան վեհ դրօշակ,
Կռւում էին ընդդէմ թաթար
Ղեկավարն էր քաջ Վահագն։
Թւով 13 ընկեր էին
Կռւում էին անվահատ
Թաթար խուժան սարսափահար,
Փախչիւմ էին անդադար։
Երբ քաջ Գրիգոր կը տար հրաման
Խմբով գնալ դէպ՚ յառաջ,
Չորս ժամ կռւում գրավեցին
Ամբողջ դիրքերն թշնամեանց։
Ճահիճների մէջ դիրք բռնած
Անվախ ֆետան հնչակեան,
Կէցցե Նալպանդեանի խումբը,
Թողուց յաւէտ հիշատակ։